Բաքուի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդերէն 29 տարի անց

  • by Éditeur, January 19, 2019 in Արդիական Պատմութիւն
676 դիտում

1990 թուականի Յունուար 13-էն 19-ն Ատրբէյջանի մայրաքաղաք Բաքուի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրագործուեր է պետական իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած զանգուածային կոտորած: Էթնիկ հողի վրայ իրականացված բռնութիւններուն զոհ գացած են հարիւրաւոր հայեր, թալանի ու բռնագրաւման ենթարկուեր է հայերու ունեցուածքը: Ֆիզիկական ոչնչացման անմիջական սպառնալիքին ներքոյ Բաքուի քառորդ միլիոն տեղահանուած հայութիւնը` որպէս փախստական, բնակութիւն հաստատեր է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։

Պատմական արդարությխիւնը վերականգնելու եւ իր ինքորոշման իրաւունքը իրացնելու նպատակով ոտքի ելած Արցախի հայութեան ձայնը լռեցնելու համար Բաքուի իշխանութիւնները Գորբաչովի վարչախումբի թոյլտւութեամբ իրագործեր են ծրագրուած ցեղասպանութիւն հայութեան նկատմամբ: Հակառակ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կողմէ արձանագրուած փաստերուն՝ Ատրբէյջանի իշխանութիւնները մինչ օրս կը կոծկեն իրենց ցեղասպան գործողութիւնները, կը նենգափոխեն իրողութիւնները եւ կը խուսափին պատասխանատւութենէն: