Արեւմտեան Հայաստանի Վանի Այանիսի ամրոցէն ներս 30 տարի կը շարունակուին պեղումները: Որպէս արդիւնք այս տարի բացայայտուեր են Յալդիի տաճարի ճարտարապետական գաղտնիքները։
Ինչպէս կը նշէ պեղումներոի գլխաւոր հնէաբան Պրոֆէսոր Դոկտոր Մեհմէդ Ըշըքլըն՝ “Այանիսը Ուրարտուի ամենալաւ պահպանոիած եւ վերջին մեծ, հոյակապ ամրոցն է”։

Վանի տարածքին գտնուող Այանիսի ամրոցը կառուցուեր է Ուրարտուի Ռուսա II Թագաւորին կողմէ՝ Վանայ լիճին պատկանող բլուրի մը վրայ եւ ուշագրաւ է իր զարդարուած տեսքով։ Այնտեղ կը գտնուի 2700 տարուայ Յալդիի տաճարը։

Այն կարեւոր ու իւրայատուկ ուրարտական տաճարներէն մէկն է աշխարհի երեսին՝ կառուցուած քարով եւ աղիւսով։ Յատկանշական են տաճարի հատուածի զարդաքանդակները եւ քաղաքի պարիսպներու ուռուցիկ քանդակները:
