Հնագէտները Պորտասարի մէջ յայտնաբերեր են գաղտնի երկրաչափական պատկերներ

  • by Éditeur, April 29, 2020 in Հին Պատմութիւն
1059 դիտում

Հնագէտներուն կողմէ կատարուած յայտնագործութիւնը  ցոյց  կուտայ, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Պորտասար հնագոյն կառոյցը աւելի բարդ կառուցուածք ունի, քան կը մտածէին նախկին ժամանակ, եւ որ այնտեղ կիրառուեր է  պլանաւորման այնպիսի բարդ միջոց, որուն մասին տուեալ  ժամանակին մէջ անհնար է երեւակայել: 

Պորտասարի երեք ամենահին քարէ պահոցներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները պարզեր են, որ այդ կառոյցներու ամբողջ ճարտարապետական նախագիծի հիմքին թաքնուած են երկրաչափական նախշեր, յատկապէս ՝ հաւասարակողմ եռանկիւնի: Այդ ցոյց  կուտայ, որ կառուցուածքը, որ բաղկացած է երեք պաhոցներէ, նախագծուած է որպէս մէկ միաւոր եւ հաւանաբար կառուցուեր է միաժամանակ:

Փաստօրէն կը բացայայտուի, որ Պորտասարը կառուցողները հասկցեր են երկրաչափական սկզբունքները՝ անիւի գիւտէն հազարաւոր տարիներ առաջ, եւ կրցեր են այդ սկզբունքները կիրառել շինարարութեան նախագիծին: