1991թ.-ի Ապրիլ 30-ին Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերու զանգուածային գնդակոծութեամբ սկսեցաւ «Կալցօ» (օղակ) գործողութիւնը, երբ խաղաղ բնակչութեան դէմ առաջին անգամ օգտագործուեցան հրասայլեր, մարտական ուղղաթիռներ, հրետանի:
Հայկական գիւղերը հերթականութեամբ օղակի մեջ կ’առնուէին ԽՍՀՄ ՆԳՆ ներքին զօրքերուն եւ խորհրդային բանակին կողմէ: Այնուհետեւ ատրպէյջանական ՕՄՕՆ-ն ու ոստիկանութիւը կը մտնէին նշուած գիւղերը՝ պաշտօնապէս իբրեւ թէ «անձնագրային վիճակի ստուգման», իսկ իրականութեան մէջ՝ հայ բնակչութեան սպաննութեան, կողոպուտի, ահաբեկման եւ ասոնց յաջորդող տեղահանութեան նպատակով։
![]()
Գործողութեան հետեւանքով ամբողջովին ամայացան ու աւերակուեցան Հիւսիսային Արցախի, ինչպէս նաեւ Շահումեանի, Հադրութի եւ Շուշիի շրջաններու աւելի քան երկու տասնեակ գիւղեր, տեղահանուեցաւ գրեթէ տաս հազար մարդ, աւելի քան 100-ը սպաննուեցաւ, քանի մը հարիւր մարդ պատանդ ինկաւ: Անոնցմէ շատերուն ճակատագիրը առայսօր յայտնի չէ:
