Հայաստանը եւ Նիտերլանտները կը նշեն երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններն հաստատելու 30-րդ տարեդարձը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 թ. Յունուարի 30-ին:
Կողմերը փոխանակուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններն հաստատելու մասին հայտագիրներով: Իսկ առհասարակ, Հայաստանը եւ Նիտերլանտները 30 տարուայ ընթացքին ստորագրած են տարբեր բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան եւ ծրագիրներն իրականացնելու մասին 5 համաձայնագիր եւ 8 յուշագիր:
Երկու երկիրները կը համագործակցին շարք մը ոլորտներուն, այդ թիւին՝ միջազգային համագործակցութեոան, տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին։
