30 տարի առաջ Հայաստանն ու Նիտերլանտները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին

  • by Éditeur, February 01, 2022 in Հասարակութիւն
522 դիտում

Հայաստանը եւ Նիտերլանտները կը նշեն երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւններն հաստատելու 30-րդ տարեդարձը:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 թ. Յունուարի 30-ին:

Կողմերը փոխանակուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններն հաստատելու մասին հայտագիրներով: Իսկ առհասարակ, Հայաստանը եւ Նիտերլանտները 30 տարուայ ընթացքին ստորագրած են տարբեր բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան եւ ծրագիրներն իրականացնելու մասին 5 համաձայնագիր եւ 8 յուշագիր:

Երկու երկիրները կը համագործակցին շարք մը ոլորտներուն, այդ թիւին՝ միջազգային համագործակցութեոան, տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին։