2026 թուականի Մայիս 9-ին տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան ընդունման 10-ամեակին նուիրուած առցանց հանդիսաւոր հանդիպումը։
Միջոցառումը կազմակերպուած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ Zoom հարթակով՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով։
Հանդիպումը պիտի մեկնարկէ ժամը 18։30-ին՝ Փարիզի ժամանակով, եւ 20։30-ին՝ Երեւանի ժամանակով։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան քննարկելու Սահմանադրութեան պատմական նշանակութիւնը, ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերը եւ Արեւմտեան Հայաստանի պետական ու իրաւական գաղափարախօսութեան զարգացման ուղիները։
Կազմակերպիչներուն փոխանցմամբ՝ միջոցառումը նպատակ ունի ոչ միայն անդրադառնալ Սահմանադրութեան ընդունման տարեդարձին, այլեւ ներկայացնել անոր միջազգային եւ քաղաքական նշանակութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համածիրին մէջ։
Հանդիպման կարելի է միանալ առցանց հեռարձակման միջոցով՝ Western Armenia TV-ի պաշտօնական հարթակին վրայ։ https://www.facebook.com/WesternArmeniaTV
Միջոցառման ծիրին մէջ հասանելի են նաեւ Սահմանադրութեան տարբեր լեզուներով հրատարակուած տարբերակները՝ հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, յունարէն եւ թրքերէն։
