Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի առաքելութիւնն ու պատասխանատուութիւնը. Մասիս Ինճիճեան

  • by Editbeglari, June 03, 2026 in Լուրեր
112 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուարժան նախագահ,

Ազգային ժողովի մեծարգոյ նախագահ,

Ազգային ժողովի յարգելի պատգամաւորներ,

Մայիս ամիսը հայութեան համար կ՛առանձնանայ բազմաթիւ նշանակալի օրերով։ 2013 թուականի Մայիսի 24-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան որոշումով ստեղծուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը, իսկ 2016 թուականի Մայիսի 9-ին ընդունուեցաւ Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ պէտք է ամրագրէր Ազգային ժողովի բարձր կարգավիճակը Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգին մէջ։

Մէջբերենք Սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածը․

«Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը (Խորհրդարանը) Արեւմտեան Հայաստանի բարձրագոյն օրէնսդիր եւ ներկայացուցչական մարմինն է»։

Մենք՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներս, պատիւ ունինք ըլլալու այս բարձրագոյն օրէնսդիր եւ ներկայացուցչական մարմինի անդամները, ուստի պարտաւոր ենք գիտակցիլ մեր պատասխանատուութիւնը եւ նուիրուած աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։

Մենք կրնանք գեղեցիկ խօսքերով ներկայացնել մեր նպատակները, խոստումները եւ գործունէութեան մանրամասնութիւնները։ Սակայն այդ բոլորը պիտի կորսնցնեն իրենց արժէքը, եթէ մեր քայլերը հիմնուած չըլլան բարոյականութեան վրայ։ Մեր յաջողութեան բանալին մարդկային յատկութիւններու կատարելագործման եւ ներդաշնակութեան մէջ է։ Հակառակ պարագային կրնանք ստանալ սպասուածէն տարբեր արդիւնքներ։

Թող սիրոյ զգացումը դառնայ մեր շարժիչ ուժը, իսկ մեզ առաջնորդեն այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են պատասխանատուութիւնը, ազնուութիւնը, համեստութիւնը, արիութիւնը, ապաշխարութիւնը եւ հոգեւոր այլ առաքինութիւններ։ Բարելաւելով մենք զմեզ՝ կը բարելաւենք նաեւ հասարակութիւնը։ Մեր պայքարը արդար է եւ ճշմարիտ, ուստի մենք եւս պարտաւոր ենք ըլլալ արդար եւ ճշմարտութեան ձգտող։

Այս օրուան խորհուրդին ներքոյ, դիմելով իմ գործընկերներուս, կը մաղթեմ, որ բոլորս հաւատարիմ մնանք Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի առաքելութեան ոգիին, պահպանենք ներդաշնակութիւնը եւ ծաւալենք արդիւնաւէտ ու բեղուն գործունէութիւն։

Կը շնորհաւորեմ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ստեղծման տարեդարձը։

Մասիս Ինճիճեան

24 Մայիս 2026