Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի կազմաւորման 13-րդ տարեդարձը․ Ռուզաննա Մխիթարեան

  • by Editbeglari, June 02, 2026 in Լուրեր
99 դիտում

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր կը նշենք Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան եւ Ազգային Ժողովի կազմաւորման 13-րդ տարեդարձը։ Այս օրը պարզապէս տարեդարձ մը չէ, այլ յիշեցում՝ մեր պատմական յիշողութեան, ազգային իրաւունքներուն եւ գալիք սերունդներուն փոխանցուած պատասխանատուութեան մասին։

Տասներեք տարիներու ընթացքին այս կառոյցը շարունակած է բարձր պահել Արեւմտեան Հայաստանի հարցը՝ ոչ միայն իբրեւ պատմական արդարութեան, այլեւ ազգային արժանապատուութեան խնդիր։ Մեր ժողովուրդի յիշողութիւնը, մշակոյթը, աւանդութիւններն ու պահանջատիրութիւնը կը շարունակեն ապրիլ, քանի դեռ կ՛ապրի հայը եւ կը հնչէ անոր ձայնը։

Այսօր, աւելի քան երբեւէ, կարեւոր է պահպանել մեր միասնականութիւնը, ազգային ինքնութիւնը եւ մեր իրաւունքներուն հանդէպ հաւատքը։ Արեւմտեան Հայաստանը միայն անցեալ չէ. ան մեր պատմութեան անբաժանելի մասն է, մեր հոգեւոր հայրենիքը եւ ազգային յիշողութեան հիմնասիւններէն մէկը։

Խոնարհումով կը յարգենք մեր նախնիներու յիշատակը եւ կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք տարիներ շարունակ նուիրումով ու հաւատքով կը շարունակեն այս ուղին։

Թող մեր ժողովուրդի միասնութիւնն ու կամքը միշտ ամուր մնան, իսկ արդարութեան ձայնը՝ անլռելի։

Շնորհակալութիւն։