
Բերձորի եւ Քաշաթաղի շրջանի բնակիչները Ռոպերթ Հրաչիկի Գալստեանը՝ Ռոպը, կը յիշեն իբրեւ ընկերասէր, մարդամօտ եւ մշտապէս ժպտերես մարդ։ Ան ծնած է 1984 թուականին Երեւան, ուսանած է «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին մէջ, ապա՝ նկարչական քոլէճին եւ Շուշիի «Գիւրճեան» կիրառական արուեստի հիմնարկին մէջ։
Հայաստան վերադառնալէ եւ բանակին մէջ ծառայելէ ետք, Ռոպերթը ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Բերձոր՝ իր ներդրումը բերելով քաղաքի կեանքին։ Ան նաեւ մշտապէս պատրաստ էր կամաւոր կերպով առաջնագիծ մեկնելու։
2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին պատերազմը սկսելէն ետք Ռոպերթ վերադարձած է Բերձոր եւ Սեպտեմբեր 29-ին կամաւոր մեկնած է Ջրականի ուղղութեամբ։ Քանի մը օր ետք ստացուած է անոր նահատակութեան լուրը։ 36 տարեկանին ան նահատակուած է՝ ետին ձգելով կինը եւ երկու զաւակները։
Ռոպերթ Գալստեանի յիշատակը կը շարունակէ ապրիլ իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ Քաշաթաղի բնակիչներուն սրտերուն մէջ։ Ան մնաց յաւերժ՝ 36 տարեկան։
