ԿԻԼԻԿԻԱ – Հըզըրի պահքին միջոցով՝ Ադըյամանի մէջ Միասնականութեան Համահաւաք կազմակերպուեցաւ։ Ադըյանմանի հաւաքատեղիի՝ “Հաջի Բեկթաշը Տիրակալի Մշակութային Հիմնադրամ”-ի (HBVAKV) Մասնաճիւղին մէջ ելոյթ ունեցող Նուսրեթ Թիւնջը ըսաւ․ “Սպաննուողն ալ մահմետական է՝ սպաննողն ալ։ Այս տարածքին մէջ Խաղաղութեան գերակայութեան ու մարդկանց եղբայրաբար, հաւասարապէս խաղաղութեան մէջ ապրելուն համար՝ Հըզըրի բարեկամեցողութեամբ, անոր օժանդակութեան պիտի սպասենք”։
Ադըյամանի մէջ “Հաջի Բեկթաշը’ Տիրակալի Մշակութային Հիմնադրամ”-ն ու Փիր Սուլթան Աբդալ Մշակութային Ակումբի Ադըյամանի Մասնաճիւղի Հըզըր պահքի միջոցով՝ HBVAKV-ի հաւաքատեղիին մէջ Միասնականութեան Համահաւաք կազմակերպուեցաւ։ Ախուչան օջախի հոգեւորական փիրերէն Քեմալ Գիւզելի ղեկավարած հաւաքոյթին մասնակից դարձան Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP) Ադըյամանի ներկայացուցիչ Խորհրդարանական Բեհչեթ Յըլդըրըմը, HDP/DBP (Դեմոկրատ Նահանգներու Կուսակցութիւն) Ադըյամանի Մարզային կազմակերպութան ներկայացուցիչները, Պետական Աշխատակիցներու Արհմիութեան ներկայացուցիչներն ու բազմաթիւ հայրենակիցներ։
Ախուչանի Օջախի հոգեւորական փիրերէն Քեմալ Գիւզելը հաւաքոյթին Հըզըրի պահքին՝ Ալեւիութեան ուղղութեան հիմնասիւներն ու նշանակութիւնը շեշտադրելով, ըսաւ․ ՛՛Մեր Ալեւիականութեամբ, մշակոյթով եւ հաւատքով կ՛ուզենք մեր կեանքը շարունակել, Ալեւիութեան ուղիի եւ հիմնասիւնի պահանջներն ալ վերահաստատելու պարտաւոր ենք”։
՛՛ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՂՕԹԵՆՔ՛՛
HBVAKV-ի Ադըյամանի Մասնաճիւղի Նախագահ Նուսրետ Թունչը հետեւեալը կը յայտնէ․ “Մեր երկիրը այսօր շատ սուր կերպով բեւեռացած է։ Երբ լրատւութիւնը կը հաղորդէ մարդկանց սպաննութեան մասին՝ հեռուստացոյց դիտող մեր համերկրացիները ուրախութեան բացականչութիւններով կը դիմաւորեն”։
Թունչը կը շարունակէ․ “Սակայն խելքի եւ տրամաբանութեան կրօն եղող Մահմետականութիւնը կ՛ըսէ թէ Աստուծոյ տուած հոգին միայն Աստուած կ՛առնէ։ Բայց ինչ ափսոս որ, բոլորէն շատ աւելի Մահմետական ըլլալնին պնդողները կը ղեկավարեն այս երկիրը։ Ամէն օր մարդկանց սպաննութիւնը կը լսենք հեռուստատեսութեամբ։ Մեռնողն ալ Մահմետական է՝ սպաննողն ալ։ Ատոր համար այս գիշեր բոլորս միասնաբար պիտի աղօթենք։ Բարին կամեցող Հըզըրէն օժանդակութիւն պիտի սպասենք՝ այս տարածքին մէջ Խաղաղութեան գերակայութեանն ու մարդկանց եղբայրաբար, հաւասարապէս խաղաղութեան մէջ ապրելուն համար”։
Ելոյթներէն յետոյ, Փիր Քեմալ Գիւզելի ընթերցած աղօթքներով արարողութիւնը սկսեցաւ։ Զաքիր Իմամ Հազարի եւ Սերդար Բեկտաշի ոգիով հնչած թեւաւոր խօսերու ընթերցումով՝ մարդիկ ճշմարիտին համար կանգնեցան սեմահի։
Միասնականութեան արարողութիւնը՝ արարողութեան միացող մարդկանց Հըզըրին նուիրաբերած պատառներուն բաշխումով աւարտուեցաւ։
Մուսթաֆա ՅԻՒՔՍԵԼ / ԱԴԸՅԱՄԱՆ
KILIKYA – Adıyaman’da Hızır Orucu vesilesiyle Birlik Cemi yapıldı. Cemde konuşan HBVAKV Adıyaman Şube Başkanı Nusret Tunç, “Ölen de Müslüman öldüren de Müslüman. Barışın bu coğrafyada hakim olması ve insanların kardeşçe, eşit bir şekilde barış içinde yaşaması içi Hızır aleyselamdan yardım bekleyeceğiz” dedi.
Adıyaman’da Hacı Bektaşı Veli Anadolu Kültür Vakfı (HBVAKV) ve Pir Sultan Abdal Kültür Derneği (PSAKD) Adıyaman Şubesi Hızır orucu vesilesiyle HBVAKV Cemevi’nde Birlik Cemi düzenledi.
Axuçan Ocağı pirlerinden Kemal Güzel’in yürüttüğü ceme, HDP Adıyaman Milletvekili Behçet Yıldırım, HDP/DBP Adıyaman İl Örgütü temsilcileri, KESK’e bağlı Sendika temsilcileri ve çok sayıda yurttaş katıldı.
Axuçan Ocağı pirlerinden Kemal Güzel, cemde Hızır orucunun Alevilik yol erkanındaki yerine ve önemine vurgu yaparak, “Aleviliğimizi kültürümüzü, inancımızı yaşamak istiyorsak, Alevilik yolunun ve erkanın gerekliliklerini de yerine getirmemiz gerekiyor” dedi.
“SAVAŞLARIN SONA ERMESİ İÇİN BİRLİKTE DUA EDECEĞİZ”
HBVAKV Adıyaman Şube Başkanı Nusret Tunç, “Ülkemiz, bugün çok keskin bir şekilde kutuplaştırılmıştır. İnsanların öldürülmesini medya verirken neredeyse televizyon başındaki insanlarımız bunu sevinç çığlıkları ile karşılıyor” ifadelerini kullandı.
Tunç, “Oysaki akıl ve mantık dini olan İslam derki, Allah’ın verdiği canı ancak Allah alır. Ama ne yazık ki herkesten daha çok Müslüman olduklarını söyleyenler bu ülkeyi yönetiyor. Her gün insanların öldürülmesini televizyonlardan izliyoruz. Ölen de Müslüman öldüren de Müslüman. Onun için bu gece hep birlikte dua edeceğiz. Hızır aleyselamdan medet bekleyeceğiz, barışın bu coğrafyada hakim olması ve insanların kardeşçe, eşit bir şekilde barış içinde yaşaması için Hızır aleyselamdan yardım bekleyeceğiz” dedi.
Yapılan konuşmaların ardından Pir Kemal Güzel’in okuduğu gulbanglarla ceme başlandı. Zakir İmam Hazar ve Serdar Bektaş’ın nefesleriyle deyişler okunarak canlar hak için semaha durdu.
Birlik Cemi, ceme katılan canların getirdiği Hızır lokmalarının dağıtılmasıyla sona erdi.
Mustafa YÜKSEL/ADIYAMAN



