Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրած երեխաներու շարադրութիւնները՝ իբրեւ պատմական վկայութիւններ

  • by Editbeglari, June 02, 2026 in Արմէնոսիդ
103 դիտում

Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրած երեխաներու շարադրութիւնները՝ իբրեւ պատմական վկայութիւններ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն։

Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրած բազմաթիւ երեխաներ տեղաւորուած էին Երեւանի որբանոցներուն մէջ։

1915-1916 թուականներուն հայ մեծ բանաստեղծ Վահան Տէրեան երկու անգամ կ’այցելէ Երեւանի Ցարսքայա փողոցի որբանոցը, ուր կը հանդիպի Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրած որբերու։ Ան կը փափաքէր տեղեկութիւններ հաւաքել կոտորածներու եւ տեղահանութեան մասին՝ երեխաներուն հնարաւորութիւն տալով պատմելու իրենց ապրածը։ Հաշուի առնելով մանկական նուրբ ու խոցելի աշխարհը՝ Տէրեան այս աշխատանքը կազմակերպած է խաղ-դասի ձեւով։

8-15 տարեկան երեխաները շարադրութիւններու միջոցով թուղթին յանձնած են իրենց յուշերը՝ վաւերագրելով բացառիկ դրուագներ Արճէշի, Շատախի, Ալաշկերտի կոտորածներէն, կիներու եւ երեխաներու առեւանգումներէն, Վանի ինքնապաշտպանութենէն եւ Վասպուրականի գաղթէն։

Երեխաներու յիշողութիւններուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն դիմադրական մարտերը՝ «Վանի կռիւը» եւ «Վանի պատերազմ» վերնագիրներով, որոնց մասնակցած էին նաեւ անոնցմէ շատեր։ Այս շարադրութիւնները՝ ընդհանուր 30 գործ, 46 ձեռագիր թերթերով, կը պահպանուին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։

Հարիւր տարի անց՝ 2016-ին, հայ որբերու այս յուշերը առաջին անգամ հրատարակած է Տէրեանի ծոռը՝ Գէորգ Էմին-Տէրեան։ Ան գիրքը վերնագրած է  «Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. հայ որբերու յուշերը»։

Այս շարադրութիւնները ոչ միայն Հայերու ցեղասպանութեան բացառիկ վկայութիւններ են, այլեւ ժամանակի կենդանի վկաներ՝ պահպանուած եւ փոխանցուած երեխաներու աչքերով ու թարմ յիշողութեամբ։