«Սպի»․ Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութեան եւ արդարութեան պահանջի խորհրդանիշ

  • by Editbeglari, July 08, 2026 in Արմէնոսիդ
138 դիտում

https://www.facebook.com/share/r/1EXoYmoJvY

Գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի «Սպի» (The Cut) ֆիլմը Հայերու ցեղասպանութեան  նուիրուած ամէնէն ծանօթ շարժանկարներէն մէկն է։ Ան կը պատմէ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ դարբին Նազարէթ Մանուկեանի ողբերգական կեանքի ուղիին մասին, որ ընտանիքը կորսնցնելէ եւ խօսելու կարողութենէն զրկուելէ ետք երկար ճանապարհ մը կը կտրէ՝ իր դուստրերը գտնելու համար։

Ֆիլմը կը ներկայացնէ ոչ միայն 1915 թուականի ողբերգական դէպքերը, այլ նաեւ ցեղասպանութեան ձգած խոր վէրքերը, մարդկային կորուստներն ու արդարութեան շարունակուող որոնումը։ «Սպի»-ն կը խորհրդանշէ այն անջնջելի հետքը, որ ցեղասպանութիւնը ձգած է հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան մէջ։

Թէեւ Թուրքիոյ մէջ ֆիլմին ցուցադրութիւնը բուռն քննարկումներու եւ հակասական արձագանգներու պատճառ դարձաւ, «Սպի»-ն միջազգային շարժանկարի աշխարհին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ՝ դառնալով պատմական յիշողութեան պահպանման եւ Հայերու ցեղասպանութեան  ճանաչման նպաստող կարեւոր մշակութային նախաձեռնութիւններէն մէկը։