ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին պարտադրած է գերութենէն ազատուած Պատալեանին վճարել 30.000 եւրոյ

  • by Éditeur, December 13, 2021 in Միջազգային Քաղաքականութիւն
595 դիտում

«Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ստացուած գրութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը “Պատալեանն ընդդէմ Ատրպէյճանի” գործով սահմանուած ժամկէտին ՄԻԵԴ Մեծ պալատ բողոք չէ ներկայացուցած ընդդէմ կայացուած որոշումին, որու արդիւնքին որոշումը մտած է օրինական ուժի մէջ։

Սոյն գործով Եւրոպական դատարանն արձանագրած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չէր տրամադրած համոզիչ եւ բաւարար բացատրութիւն առ այն, որ Արթուր Պատալեանի հոգեկան առողջութեան լուրջ խնդիրները, որոնք ի յայտ եկած են անազատութենէն ազատուելէ ետք, որեւէ կերպ կապուած չեն պահելու պայմաններու եւ այն վերաբերմունքի հետ, որը Պատալեանն ստացած էր անազատութեան գտնուելու ընթացքին: 

Այսպիսով, Եւրոպական դատարանը եզրահանգած էր, որ տեղի ունեցած է նաեւ ՄԻԵԿ 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին ենթակէտի խախտում, այն է՝ «Իւրաքանչիւր ոք ունի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունք։ Ոչ ոքի չի կարելի ազատութենէն զրկել այլ կերպ, քան սոյն յօդուածին սահմանուած պարագային եւ օրէնքով սահմանուած կարգով»: 

Սոյն գործով ՄԻԵԴ-ը պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեանը Պատալեանին վճարել 30.000 եվրոյ՝ որպէս բարոյական վնասի փոխհատուցում»։