Անցեալի բեկորները վերականգնելու ճամբուն վրայ 

  • by Editbeglari, July 18, 2026 in Արմէնոսիդ
137 դիտում

Հայ լուսանկարիչ եւ «Ուիթինսվիլի հայերը» թուային արխիւի համահիմնադիր Գրիգորի Ջունդանեան, թրքական Agos պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ, պատմած է իր ընտանիքի արմատները որոնելու նպատակով Արեւմտեան Հայաստան կատարած այցելութեան մասին։ Ան նշած է, որ Հայերու ցեղասպանութեան հետեւանքները տակաւին սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին՝ ձեւաւորելով ինքնութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը։

Ջունդանեան իր ծրագիրներով կը փաստագրէ սփիւռքահայ ընտանիքներու պատմութիւնները եւ կը փորձէ վերականգնել ցեղասպանութեան պատճառով խզուած ընտանեկան կապերը։ Արաբկիր այցելութեան ընթացքին ան ուսումնասիրած է իր նախնիներու հայրենիքը եւ բացայայտած պատմութիւններ այն մարդոց մասին, որոնք 1915-ին փրկած էին իր հարազատներուն կեանքը՝ ընդգծելով յիշողութեան պահպանման եւ պատմական արդարութեան կարեւորութիւնը։