Տիգրանակերտի քաղաքապետը կոչ ուղղած է իրականացնել Արամ Տիգրանի վերջին ցանկութիւնը

  • by Editbeglari, August 10, 2026 in Ժառանգութիւն
74 դիտում

Տիգրանակերտի քաղաքապետ Սերրա Պուճաք, Արամ Տիգրանի մահուան 17-րդ տարելիցին առիթով, կրկին կոչ ուղղած է թոյլատրելու հայազգի հանրածանօթ երաժիշտին աճիւնը վերաթաղել Տիգրանակերտի մէջ՝ իրականացնելով անոր վերջին ցանկութիւնը։

Արամ Տիգրան, որ երգած է հայերէն, քրտերէն, թրքերէն, արաբերէն, յունարէն եւ ասորերէն, իր ստեղծագործութեամբ դարձած էր տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթները իրար կապող արուեստագէտ։

Թրքական իշխանութիւններու արգելքին պատճառով անոր ցանկութիւնը չիրականացաւ։ Տիգրանակերտի հայկական գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ խորհրդանշական թաղում, իսկ երաժիշտին աճիւնը յետագային ամփոփուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ։