Ապրիլի 18-ն յուշարձաններու եւ պատմական վայրերու օրն է

  • by Éditeur, April 18, 2020 in Ժառանգութիւն
732 դիտում

Ամեն տարի Ապրիլի 18-ին նշուող Յուշարձաններու եւ պատմական վայրերու միջազգային օրուան նշանաբանն է՝ «Պահպանենք մեր պատմական հայրենիքը»:

Օրը, որ յայտնի է նաեւ Համաշխարհային ժառանգութեան օր անունով, հիմնադրուեր է 1982 թուականին ԻՒՆԵՍԿՕ-ին առընթեր Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանութեան հարցերով միջազգային խորհուրդի  (ICOMOS) վեհաժողովին կողմէ:

Տօնը կը նշուի 1984 թուականէն ի  վեր հանրութեան ուշադրութիւնը համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ պահպանութեան հարցերուն վրայ գրաւելու նպատակով: Այն նաեւ հնարաւորութիւն  կ’ընձեռնէ մեծցնելու հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութեան, անոր պահպանութեանն ու պաշտպանութեանն ուղղուած ջանքերուն վերաբերեալ։