Զերզեւան ամրոցը, որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի՝ Տիգրանակերտի Չինար գաւառին մէջ, այս տարի գրանցեր է գերազանց թիւով այցելու: Ամրոցն իր մէջ պահուող նմուշներով գրաւեր է աշխարհի ուշադրութիւնը։
Պատմական պարիսպներն ու Հեւսելի պարտէզները, Իչքալէ թանգարանային համալիրը եւ հարուստ պատմամշակութային արժէքները ներառնուած են ԻՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին:

Յաջորդ տարուայ համար բազմաթիւ ծրագիրներ կան՝ կապուած Զերզեւան ամրոցի եւ Միթրա-Փոքր Մհերի տաճարի լայնածաւալ գովազդման հետ:
Պեղումներէն յայտնաբերուած կնիքը հիմք հանդիսացեր է, ամրոցի տարիքն ու պատմութիւնը եւս 200 տարիով մեծցնելու գործին: Կնիքին հետ յայտնաբերուեր են նաեւ ասորական ժամանակաշրջանի շատ այլ իրեր: Այժմ կրնանք ըսել, որ Զերզեւան ամրոցը 3 հազար տարեկան է:
