Արճէշի մէջ հնագէտները հնաւանդ «քարէ» քաղաքի յետքեր յայտնաբերած են

  • by Éditeur, November 12, 2018 in Հին Պատմութիւն
766 դիտում

Վանայ լիճի հիւսիսային ափի շրջաններէն Արճեշի մէջ հնագէտները հնաւանդ «քարէ» քաղաքի յետքեր յայտնաբերած են, որ ենթադրաբար կրնայ 2600 տարուայ պատմութիւն ունենալ: Ինչպէս կը գրէ haberler.com կայքը, 270 հեկտար տարածքի վրայ սփռուած քաղաքին մէջ ժամանակին կրնայ ապրած ըլլալ շուրջ 70 000 մարդ: Տեւական պեղումներէ ետք յայտնաբերուած են պարիսպներու եւ առանձնացուած փողոցներու յետքեր: Առեղծուածային հին քաղաքի յատակագիծն աւելի յստակ կ՛երեւի վերէն:

 

Հնագէտները կը նկատեն, որ քաղաքի պողոտաներն ու փողոցները բաւական լայն եւ ուղիղ եղած են, այնտեղ կան նաեւ 35×35 մետր չափերով առանձնացուած բազմաթիւ թաղմասեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ ենթադրաբար կրնայ գտնուած ըլլալ 4 տուն:

Կը սպասուի, որ յաջորդ տարի հնագէտներն առաւել մանրամասն ուսումնասիրությիւններ կը կատարեն այստեղ:

Անցեալ տարի Վանի նահանգին մէջ հնագէտները 2.800 տարուայ ցորենի սերմեր գտած էին: Սերմերը յայտնաբերուած են Վան քաղաքէն 25 կմ հեռաւորութեան վրայ՝ ուրարտական Սարդուրի Երկրորդ արքայի ենթադրեալ ամրոցի պարիսպներու մօտակայքին: