Արցախի մէջ լեռնային զբօսաշրջութեան զարգացման համար աշխատանքներ կը տարուին

  • by Éditeur, December 12, 2018 in Ժառանգութիւն
705 դիտում

Արցախն իսկապէս ունի արկածային զբօսաշրջութեան զարգացման համար մեծ հնարաւորութիւններ։

Խօսելով  Արցախի մէջ լեռնային զբօսաշրջութեան զարգացման  մասին՝ «Արցախպրես»-ի  թղթակիցին  հետ զրոյցին  ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան  պետ Արտակ Գրիգորեանը:

Անոր խօսքով՝ այդ առումով Արցախի բնութիւնը թոյլ կուտայ եզրակացնելու, որ երկիրը կրնայ իր ուրոյն տեղը զբաղցնել՝ որպէս արկածային զբօսաշրջութեան ուղղութիւն։

 

«Բացի այդ, լեռնամագլցման գրեթէ բոլոր հիմնական ուղղութիւնները կապուած են տուեալ տարածքային պատմամշակութային առանձնայատկութիւններուն հետ, ըսել է թէ՝ վանքեր, բերդեր, անոնց  մասին պատմուող տարբեր առասպելներ, որոնք աւելի հետաքրքիր կրնան դարձնել լեռնամագլցումը կամ քայլարշաւները, որոնք կարող են գրաւել տարբեր նախասիրութիւններ ունեցող զբօսաշրջիկներ։