Երզնկայի մէջ ձերբակալուեր է այն անձը, ով փորձեր է առցանց հին սարկոֆագ վաճառել

  • by Éditeur, March 24, 2020 in Ժառանգութիւն
646 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկայ նահանգին մէջ ձերբակալուեր է  այն անձը, ով փորձեր է Բիւզանդական ժամանակաշրջանին պատկանող սարկոֆագը վաճառել:

Ըստ նահանգապետարանէն ստացուած հաղորդագրութեան՝ քաղաքացին պեղում կատարեր է առանց թոյլտւութեան:

Երկարութիւնը 91 եւ լայնութիւնը  29 սանտիմետր կազմող սարկոֆագը’ ոստիկանները յայտնաբերեր են կասկածռալի տան պարտէզէն՝ հողին տակ թաղուած: Ձերբակալուած Ջ.Ու.-ին դէմ յարուցուեր է քրէական գործ, առգրաւուած սարկոֆագը յանձնուեր է նահանգային մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան: