1915 թ․-ի. Մարտ 19-ին Լիմոժի մէջ ստեղծուած 412-րդ հետեւակային գունդը ֆրանսական բանակի ամենաարժէքաւոր գունդերէն մէկն էր: Բայց անոնց պատերազմը դեռ չէր աւարտուած: 1919 թ.-ի գարնան՝ ան կ՛ուղարկուի Կիլիկիա, ուր աւելի քան մէկ տարի կը պայքարի թրքական բանակին դէմ: Ան նոյնիսկ յետագային կը դառնայ այս մոռցուած պատերազմի ամենամութ դրուագներու գլխաւոր դերակատարներէն մէկը։
Արեւմտեան ճակատին հրացաններուն ձայները կը շարունակուին աւելի քան տասնհինգ ամիս: 1920 թ.-ի Յունուար 15-ին, 412-րդ հետեւակային գունդի 6-րդ գումարտակի զինուորները դեռ չեն զօրացրուիր: Փարիզէն երեք հազար կիլոմետր հեռաւորութեան վրայ անոնք կը պայքարէին ձիւնի մէջ, որ առատօրէն կ՛իջնէր Կիլիկիոյ վրայ։
6-րդ գումարտակի ֆրանսացի զինուորն իր ընտանիքին ուղղած նամակով կը պատմէ․ «Մենք գիշերն անցուցինք մեքենաներու մէջ։ Յաջորդ առաւօտ մենք դուրս եկանք, ամբողջովին ձիւնի մէջ էինք եւ շատ ցուրտ էր, ստիպուած էինք քալելու: Մեզի յանձնարարուած էր երթալ լեռներու մէջ կորած քաղաքը»։
Այդ քաղաքը Մարաշն էր, ուր 1919 թ.-ի Նոյեմբերէն բռնի միջադէպերը ազգայնական թիւրքերուն կը հանեն ֆրանսական կայազօրին դէմ: Երկու քարի արանքը յայտնուելով՝ քաղաքի հայ բնակչութիւնը կը սկսի ենթարկուիլ թրքական զօրքերու աւելի ու աւելի յաճախակի կրկնուող համառ ներխուժումներուն:
Կիլիկիոյ մէջ տիրող իրավիճակը երթալով կը բարդանայ, իսկ կորուստներուն թիււ կ՛աւելնայ։

Մարաշի հարեւանութեամբ այրուող տուն մը: (նկարը «Մարաշի Յիշողութիւններ» վաւերագրական ֆիլմէն)
Սայքս-Պիկոյի համաձայնագիրի ժառանգութիւնը
1916 թ.-ին Սայքս-Պիկոյի համաձայնագիրները կը սահմանեն Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ ազդեցութեան գօտիները Միջին Արեւելքի մէջ: Ֆրանսային՝ Լիբանանը Սուրիան եւ Կիլիկիան, իսկ Անգլիային՝ Պաղեստինը, Միջագետքն ու Իրանը:
Անտանտի եւ Թիւրքիոյ միջեւ պատերազմը պաշտօնապէս կ՛աւարտուի 1918 թ.-ի Հոկտեմբեր 30-ին: Սայքս-Պիկոյի համաձայնագիրներն անմիջապէս կը մտնեն ուժի մէջ։
Թիւրքիան պէտք է ենթարկուէր դաշնակիցներու պահանջներուն: Երիտասարդ զօրավար-լեյտենանտը, ով առանձնակի խիզախութիւն կը դրսեւորէր Դարդանելի ճակատամարտին, պատասխանատու էր թրքական բանակի զինաթափման համար: Բայց սպան ճիշդ հակառակը կ՛ընէ: Ան կը վերակազմաւորէ բանակը, նորէն զէնք կը վերցնէ եւ կ՛առաջնորդէ ազգայնական շարժումը, որ կը պնդէր «Թիւրքիան թիւրքերուն համար»: Այդ մարդը Մուստաֆա Քեմալն էր, ապագայ Աթաթիւրքը:

Մուստաֆա Քեմալ՝ (բաց գոյնի համազգեստով)
Քեմալական շարժման գլխաւոր հողային պահանջներէն մէկը Կիլիկիան էր: Ան ֆրանսական զօրքերը կը համարէր բռնագրաւող զօրքեր, որոնց «որսալու» համար հարկաւոր էր գործի դնել բոլոր միջոցները։
Այն պահին, երբ 412-րդ հետեւակային գունդի 6-րդ գումարտակը Մարաշի ճամբուն էր, ապստամբութիւն սկսեցաւ: Քանի մը օր շարուանակ՝ պաշարուած քաղաքէն որեւէ նորութիւն չկար:
ֆրանսացի զինուորը կրկին կը պատմէ իր ընտանիքին․ «Ամսու 16-ին ժամը 8-ին մենք կրկին ճանապարհ ինկանք դէպի Մարաշ։ Այնտեղ դեռ ձիւն կուգար, ժամը 10-ի սահմաններուն ձիւնը կը դադրէր, բայց մենք դեռ կը շարուանկէինք քալել ձիւնի մէջ: Միշտ նոյն ճամբաները՝ լեռներու, ջուրերու եւ ձիւնի մէջով, կը պատկերացնե՞ս մեր հոգնածութեան աստիճանը: Ժամը 9-ին մենք վերադարձանք Մարաշ քաղաք, ամեն ինչ հանգիստ էր։»
Քաղաքի իրավիճակը երթալով կը լարուէր։ Ֆրանսական զօրքերը բաժանուեցան տարբեր ռազմավարական տարածքներու վրայ: 412-րդ հետեւակային գունդը շարժեցաւ հիւսիս: Թիւրքերը գրաւեցին ողջ արեւմտեան մասը:

«Այս պահի դրութեամբ երկու հակառակորդներն ալ կը շարունակեն մնալ իրենց դիրքերուն,: 18-րդ օրը հանգիստ էր, 19-րդ եւ 20-րդ օրերը նոյնպէս:»
Փոթորիկը կը սկսի Յունուարի 21-ին: «Թիւրքերը ժամը մէկին յարձակեցան մեր վրայ, բայց ես քանի մը օրէն կը պատմեմ, թէ ինչ տեղի ունեցաւ, քանի որ պատերազմը միշտ ալ նոյնն է:»
«Հետեւակայինները» (Les «poilus») առաջին զոհերու շարքերուն
Յունուարի 21-ի կէսօրին ոստիկանութեան կոմիսարը կրակոցներ արձակեց մենաստանի մօտակայ փողոցին մէջ։ Այդ համաձայնեցուած ազդանշան էր:
Մարաշի ամբողջ թիւրք բնակչութիւնը վազեց զէնքերու ետեւէն: Քրիստոնէական տուներուն վրայ հազարաւոր փամփուշտներու տարափ սկսեցաւ: Առաջին զոհերը ֆրանսացիներն ու խեղճ «հետեւակայիններն» էին, որոնք, որեւէ բանէ տեղեակ չըլլալով, իրենց սայլակներով դուրս եկած էին շուկայ:
Ֆրանսիացները չկրցան խանգարել թիւրքերուն եւ անոնք մտան հայկական թաղամասեր, որոնք հազիւ կը պաշտպանուէին տեղի անզէն զօրքերուն կողմէ: Արդէն քանի մը օրէն հազարաւոր մարդիկ գլխատուեցան, իսկ անոնք, որոնք ողջ մնացին՝ հազիւ կրցան հասնիլ ֆրանսացիներու հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ:
Սահմանափակ քանակով սննդամթերքի եւ զինամթերքի պաշարներ ունենալով` պաշարուածները այդպէս պէտք է դիմանային մինչեւ Փետրուարի 10-ն, մինչ կայազօրի հրամանատարը տարհանման հրաման կուտար:
Ֆրանսական զօրքերու շարքերը 1920թ.-ի Փետրուար 10-ի գիշերը լքեցին քաղաքը: Անոնց հետեւեցան հազարաւոր հայ խաղաղ բնակիչներ, որոնք յոյս ունէին խուսափելու թրքական յարձակումներէն: Այսպիսով -18 աստիճան ցուրտին սկսեցաւ «Մարաշի նահանջը»:

Հայ փախստականներ
Հակառակ բոլոր սպասելիքներուն` Մարաշէն ֆրանսական զօրքերուն դուրս գալը ուղեկցեցաւ առանց կռուի: Թիւրքերը ձգեցին, որ զօրքերը դուրս գան: Սառն քամիի ուղեկցութեամբ զօրքերը դանդաղ շարժեցան՝ քաղաքը ուժասպառ ընող հրդեհներու լոյսին տակ: Անոնց ետեւէն դանդաղ կ՛երթային նաեւ հայ խաղաղ բնակիչներուն խումբերը: Հայր Միւրէն կը պատմէ. «Իմ ետեւէս եկող բազում կանայք եւ երեխաները քար լռութիւն պահելու փոխարէն միայն կը գոռային: Երեխան կը կանչէր մօրը, մայրը` երեխային, այն ժամանակ, երբ մեր ճամբան կը լուսաւորէր կրակի տուած մեր քաղաքը»:
Երկու օրուայ ընթացքին մարդկանց խումբերը առաջ կը շարժուէին առանց որեւէ դիմադրութեան հանդիպելու: «Այդ երկու օրուան ընթացքին երջանիկ էինք. Լաւ եղանակ, չոր ճամբաներ», – կը յիշէ Հայր Միւրէն: Բայց Փետրվուարի 12-ի գիշերը սկսեցաւ առատօրէն ձիւն տեղալ: «Բել-Փունարից մինչեւ Իսլահիէ երթը տեւեց տասնչորս ժամ: Հանգստանալն անհնար էր. հանգիստի մէկ րոպէն մահացու կրնար ըլլալ: Այն դժբախտները, որոնք կը հանգստանային, այլեւս ոտքի չէին կրնար կանգնիլ»: Ամբողջ ճամբուն վրայ միայն դիակներ էին: Զոհուածլ էին շուրջ 1200 հայեր: Ծնողները, այլեւս ի զօրու չըլլալով երեխաներուն տանիլ իրենց մէջքին վրայ, ձգած էին զիրենք ճամբուն վրայ: Երբ մարդկանց շարքերը վերջապէս հասան Իսլահիէ` զինուորներն ամբողջովին ուժասպառ էին, իսկ հայ խաղաղ բնակչութիւնը բնաջնջուած:
Սպաննուածներու վերջնական թիւի տուեալները սարսափելի էին: Համաձայն տարբեր վիճակագրական աղբիւրներու՝ 16 000-20 000 հայեր սպաննուած էին:
80-ական թուականներուն թիւրքերը անուանափոխեցին Մարաշը եւ այն անուանեցաւ Կահրամանմարշ, որ թագմանաբար կը նշանակէ «Հերոսական Մարաշ»` ի յիշատակ 1920թ.-ի իրադարձութիւններուն:
