Կապադովկիոյ Հնագոյն Ստորգետնեայ Քաղաքները

  • by Éditeur, November 20, 2018 in Հին Պատմութիւն
711 դիտում

Բռնագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները՝ Թիւրքիան բաւական ուրախ կ՛ըլլար վերացնելու հայերուն վերաբերուող նոյնիսկ ամենափոքր յիշատակումը։ Բարեբախտաբար, անոնց դեռ չի յաջողիր այդ ընել: Շատ երկիրներու ներկայացուցիչներ կը մասնակցին տարածքէն ներս կատարուող հնագիտական պեղումներուն եւ ամեն կերպով կը փորձեն կանխարգիլել հայկական փաստագրական գտածոներու վերացումը անոնց կողմէ:

Անոնք պարզապէս անուններ կը յօրինեն իրենց «գիւտեր»-ուն, որոնք բառացիօրէն հայկական անուններու թարգմանութիւններն են: Այսպիսով, Պորտասար հայկական անունը դարձած է Գէօբէքլի թեփէ, որ կը նշանակէ «Ցմփոր բլուր կամ Պորտաբլուր»: Աւելին, միջազգային լսարաններուն մէջ հայկական հին յուշարձաններն աւելի յայտնի են իրենց թրքական անուններով։

Կապադովկիոյ յուշարձաններէն մէկն արժանացեր է նոյն ճակատագիրին։ Տեղի ստորգետնեայ քաղաքներէն մէկւ այժմ յայտնի է Դերինքույու անունով, որ կը նշանակէ «խոր ջրհոր»:

Բացի «խոր ջրհոր»-էն, պատմական Կապադովկիան ունի նաեւ խոշորագոյն ստորգետնեայ քաղաք: Թէեւ քաղաքի ճշգրիտ չափերը տակաւին յայտնի չեն, երկրաշարժային տոմոգրաֆիան ցոյց տուած է, որ այն ունի թունելներ եւ տարածքներ, որոնց ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 460.000 քառակուսի մետր 113 մ խորութեան տակ։

Այս ստորգետնեայ բնակավայրերուն մէջ «Խոր ջրհոր»-ը ամենայայտնի եւ առաւել լաւ ուսումնասիրուածն է:

Փորձագէտները կը նշեն, որ «խոր ջրհորը» հնարաւոր է, որ ունեցած ըլլայ շուրջ 20 հարկեր, եւ անոնցմէ ընդամենը 8-ն այժմ կ՛ուսումնասիրուին: Քաղաքը կրնար նաեւ տեղաւորել 50.000 մարդ:

Պատմաբանները կը պնդեն, որ քաղաքի շինարարութիւնը սկսած է Ք․ ա․  2000 թ․-ին, բայց հին քաղաքակրթութեան պատկանող այս հսկայական կառոյցին նպատակը դեռ կը մնայ առեղծուած։

allinnet.info – Vigen Avetisyan