Կարինի 3 հազար տարուայ վաղեմութեան ժայռափոր դամբարանի քարերը կտրեր են յատուկ գործիքներով

  • by Éditeur, June 08, 2020 in Ժառանգութիւն
429 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի՝ Կարինի մէջ, 3000 տարուայ վաղեմութեան եւ ենթադրաբար Երկաթէ դարէ մեզ հասած ժայռափոր դամբարանը ենթարկուեր է գանձաորսներու յարձակմանը։ Օրինազանցները ժայռը քանդելու համար յատուկ գործիքներ օգտագործեր են ,  սկիզբը ներսի կողմը քանդելու , ապա՝ կոտրեր են ժայռաբեկորները։

Գանձաորսները, ովքեր փշրուած քարերու մէջ չեն գտած իրենց որոնածը, շարունակեր են փորել դամբարանի շուրջ գտնուող հողատարածքը։ 

Լեռան լանջին գտնուող եւ գեղեցկութեամբ հիացնող ժայռափոր գերեզմանները կը շարունակեն ոչնչացուիլ գանձ որոնողներու կողմէ:

Այս վայրին նման վայրեր շատ քիչ են: Չնայած կըսեն , թէ դամբարանը կը պատկանի Ուրարտական ժամանակաշրջանին կամ բրոնզէ դարին, այն աւելի շատ երկաթէ դարի բնութագիր ունի: