Կիեւի Սոֆիայի տաճարին մէջ օծուած խաչքարն իր տեղը գտաւ Ազգային արգելոցէն ներս

  • by Éditeur, December 14, 2018 in Ժառանգութիւն
623 դիտում

Կիեւի Սոֆիայի տաճարին մէջ իրականացուեր է հայկական խաչքարի օծման արարողութիւն: Այնուհետեւ խաչքարն իր տեղը գտեր է Ազգային արգելոցի գանձարանէն ներս:

«AnalitikaUA.net»-ը կը տեղեկացնէ, որ խաչքարի օծման արարողութիւնը իրականացուցած է Հայ առաքելական եկեղեցիի Ուկրանիոյ թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:

Միջոցառման ներկայ եղած են Ուկրանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, Ուկրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ: Այն կազմակերպուեր է Ուկրանիոյ հայերու միութեան եւ Ազգային արգելոցի ղեկավարութեան կողմէ: