Հայաստանի մէջ 2600 տարեկան կին-մարտիկի մը գերեզմանը գտեր են

  • by Éditeur, November 28, 2019 in Հին Պատմութիւն
757 դիտում

Հայաստանի հիւսիսին յայտնաբերուած աւելի քան 2600 տարեկան ոսկորներուն հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք պատկաներ են Վանի թագաւորութեան մէկ կին մարտիկին:

Հնագէտները այդ մնացորդները գտեր են Լոռիի մարզի Բովեր 1-ին գերեզմանատան տարածքին՝ դեռ 2017թ.-ին: Ըստ հախճապակիին եւ զարդերուն՝ գիտնականները թաղումը կը թուագրեն մ.թ.ա 8-էն 6-րդ դարերով, երբ ներկայիս Հայաստանի տարածքին կը ծաղկէր Ուրարտական թագաւորութիւնը: Ան աշխոյժ նուաճողական քաղաքականութիւն կը վարէր մինչեւ մ.թ.ա 6-րդ դարուն աւարտը, երբ թագաւորութիւնն ինկաւ սկիւթերու, կիմերներու եւ մարերու համատեղ հարուածին տակ:

Կմախքի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ան պատկաներ է մոտ 20 տարեկան կնոջ մը: Զարդերը կը խօսին թաղուածի բարձր կարգավիճակին մասին: Առաւել մանրամասն հետազօտութիւնը թոյլ տուեր է գիտնականներուն ընելու եւս մէկ կարեւոր եզրակացութիւն՝ կինն, ամենայն հաւանականութեամբ, նաեւ մարտիկ եղած է: