Ջաւախքի մէջ վնասեր են հայկական եկեղեցին ու գերեզմանները

  • by Éditeur, June 09, 2020 in Ժառանգութիւն
493 դիտում

Անյայտ անձինք ծանր տեխնիկայով վնասեր են Ջաւախքի Գոման գիւղի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ու տաճարի բակին մէջ գտնուող գերեզմանները։

 Panorama.am-ի փոխանցմամբ՝ տեղեկութիւնը յայտներ է Sputnik Գրուզիան` հղում կատարելով Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ազգային գործակալութեանը։

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ ծանր տեխնիկայի հետքեր կերեւին կառոյցի երեք ճակատներու՝ արեւմտեան, հարաւային եւ արեւելեան կողմերէն։ Վնասուեր են գերեզմանները, ամենուր մարդկային ոսկորներ են։ Վնասուեր են նաեւ պարիսպն ու շեմը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գործակալութեան աշխատակիցները կը պարզեն մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի վնասման աստիճանը, իսկ ոստիկանութիւնը  կը փնտրէ մեղաւորներուն։

Գործակալութեան դիմումի հիման վրայ Ջաւախքի ՆԳՆ ոստիկանութեան վարչութիւնը քրեական գործ հարուցեր է մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի վնասման փաստով: