Վանի Թագաւորութեան շրջանի ապարանք մը Վանի մէջ

  • by Éditeur, September 03, 2019 in Հին Պատմութիւն
654 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Վանայ բերդի եւ անոր շրջակայքին իրականացուած պեղումներուն արդիւնքով առաջին անգամ ի տես աշխարհին կը ներկայացուին Վանայ Թագաւորութեան շրջանին պատկանող ապարանք մը եւ մէկ ամբողջ թաղամաս մը։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ երեք դար իշխող կայսրութիւններէն մէկուն՝ Վանայ թագաւորութեան վերաբերող պեղումները դեռ կ՛ընթանան, եւ կ՛ակնկալուի, որ անոնց շնորհիւ մեր նախնիներու ընկերային կեանքին վերաբերեալ կարեւոր տեղեկատւութիւն տրամադրուի: Այս տեղեկութիւններու լոյսին ներքոյ կը ներկայացուին վերոնշեալ թաղամասն ու ապարանքը։ Հնարաւոր է, որ մարդիկ տեսնեն, թէ իրենց նախնիները ինչպէս ապրեր են Վանի թագաւորութեան ժամանակ՝ 3000 տարի առաջ, իրենց թոնիրով, վառարանով, գուցէ եւ կահոյքով: Սա շատ ուրախալի աշխատանք է: