Անի

  • by Éditeur, April 28, 2020 in TV
1038 դիտում

Հիմնադրուելով հայերու կողմէ 5-րդ դարին, Անին, ի վերջոյ, 17-րդ դարուն զրկուեցաւ իր բնակչութենէն դարեր տեւած արշաւանքներէն  (բիւզանդացիներ, սելջուկ թիւրքեր, մոնկոլներ, օսմանցիներ) եւ երկրաշարժերէն ետք: Ժամանակին բնակչութիւնը  եղեր է 100,000 մարդ եւ  եղեր է մետաքսի ճանապարհի խոշոր առեւտուրի մէկ կէտը:

Անին եղեր է քաղաքային ճարտարապետութեան զարգացման նշանաւոր կեդրոն: Անիի ճարտարապետութեան դպրոցը, ձեւաւորուելով տասերորդ դարուն, որոշակի հետք  ձգած է նաեւ Եւրոպական եւ այլ երկրներու ճարտարապետութեան վրայ: Անին յայտնի է որպէս «հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք», որոնցմէ առաւել յայտնի էր կաթողիկոսանիստ Մայր տաճարը։ Միջնադարուն այստեղով կ’անցնէին բազմաթիւ առեւտրական ճանապարհներ։ Քաղաքին մէջ կային բազմաթիւ պալատներ ու հասարակական կառոյցներ։ 

Անին իր անունը վաստակեր էր ոչ թէ բարձր աշխարհագրական դիրքի, այլ հայկական հեթանոսական դիւցարանի բոլոր աստուածներու տաճարներու սրբավայրն ըլլալուն պատճառով։ 

2016 թուականին Միջնադարեան Հայաստանի Անի մայրաքաղաքն ընդգրկուեր է ԻՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին:

Ձեզի ներկայացուող նկարահանումները ,ցոյց կուտան երբենի պերճաշուք մայրաքաղաքի այսօրուան վիճակը։ Զայն դիտելու համար այցելեցէք հետեւեալ յղումին․