Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (խորհրդարանի) Ընտրական Յանձնաժողովի 2018 թ․-ի ընտրական խորհրդակցութեան որոշումը 17 Դեկտեմբեր, 2018 թ․

  • by Éditeur, December 17, 2018 in Խորհրդարան
450 դիտում

Համաձայն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 6-րդ Գլխու 83-էն 116-րդ յօդուածներուն, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (խորհրդարանի) ներքին կանոնակարգին․

Հիմնուելով 02122017 թուականի ԱՀՀ Նախագահական թիւ 45 որոշման վրայ, որ պայմաններ ստեղծուին 2018 թ.-ին կազմակերպելու Արեւմտեան Հայաստանի Օրէնսդրական Մարմինի ընտրութիւնները,

Հիմնուելով Ընտրական յանձնաժողովի 23 Հոկտեմբեր 2018 թ․-ի Թիւ 3 որոշման վրայ, ընտրական քարոզչութիւն անցընելու համար 17.12.2017 թ-էն մինչեւ 22.10.2018 թ.,

Հիմնուելով նախագահական Թիւ 51 հրամանագիրին վրայ, 2018 թուականի Նոյեմբեր 22-ի ժամը 08: 00-էն սկսեալ մինչեւ 2018 թ. Դեկտեմբեր 1-ը, ժամը 00: 00-ն, ընտրելու համար Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը (խորհրդարանը), ինչը երկրորդ անգամ կը կատարուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ:

Այս ընտրութիւնները կազմակերպելու համար ստեղծուած էր Ընտրական Յանձնաժողով (ԸՅ), որ բաղկացած էր 12 անձերէ՝ Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Ջավախքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, որ պատասխանատու էր նախընտրական քարոզչութեան կազմակերպման ու իրականացման համար:

ԸՅ-ն ընտրութիւնները կազմակերպելու, յատկապէս ընտրողները գրանցելու նպատակով՝ թեկնածութեան եւ քուէարկութեան ընդումնան յատուկ ինտերնետային կայք բացած էր։

Գրանցուած ընտրողները – Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիները, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու ընտրութեան, գաղտնի եւ ուղղակի քուէարկութեամբ:Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) թեկնածուներուն թիւը 77 հոգիէ կը բաղկանար:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) թեկնածութեան գրանցման ներկայացուած փաստաթղթերու ստուգման ժամանակ որոշակի քաղաքական իրավիճակներ հաշուի առնելով՝ պաշտօնական որոշումով որեւէ թեկնածու չմերժուեցաւ:

17.12.2017 թուականէն սկսեալ, կամաւոր թեկնածուները կրցան օգտուիլ Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներուն եւ պատգամաւորի գործառոյթներուն վերաբերող դասընթացներէն:

Այս որոշումը չվիճարկուեցաւ որեւէ թեկնածուի եւ կամ ընտրական յանձնաժողովի որեւէ անդամի կողմէ:

Վիճակագրական գնահատական – Այս ընտրութիւններուն մասնակից դառնալու ատակ Արեւմտեան Հայաստանի բնակիչ 5 միլիոն չափահաս տարիքի մարդկանց ներոյժն ունինք, նաեւ 5 միլիոնէն ոչ պակաս ալ՝ արտերկրի մէջ ապրող չափահաս Արեւմտեան Հայաստանի բնիկներ ունինք, ինչպէս եւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ մօտ 25 միլիոն այդ տարիքի հայրենակիցներ ունինք, որոնք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել այս ընտրութիւններուն, այսինքն 125 միլիոն ընտրողներու կոչ յղած ենք մասնակցելու Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) ընտրութիւններուն։

Ընդհանուր առմամբ, 17.12.2017-էն 17.10.2018 թթ.-ուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին արձանագրուած է 28.172  հոգի գրանցուած 28 երկիրներէ, որոնք Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ ովքեր ստացեր են Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (խորհրդարանի) պատգամաւորներու ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք:

77 աթոռներէն 3-ը յատկացուեցաւ յոյներուն եւ 1 տեղը Ասորի/քաղդէացիներուն

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ գումարման պատգամաւորներու ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 2018 թուականի Նոյեմբեր 22-ի ժամը 08:00 -էն մինչեւ 2018 թ. Դեկտեմբերի 01-ը, ժամը 00:00-ն, որուն աջակցեցաւ 20.086 ընտրող, ինչը կազմեց գրանցուած ընտրողներու ընդհանուր թիւի 71.29 տոկոսը:

 

  • 118 քուէ անվաւեր համարուեցաւ
  • Կողմ քուէներ – 19.968 ընտրողներ, որոնք կազմեցին 99, 41 %.
  • Դէմ քուէներ    – 0
  • Ձեռնպահ քուէներ – 0

Ընտրություններին մասնակցեցին ընտրողներ ավելի քան 27 երկրից։

Ընտրութիւններէն յետոյ ընտրուեցաւ 77 պատգամաւոր՝ Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ գումարման համար։

Պատգամաւորները ընտրուեցան 16 երկիրներէ։

Այլապէս, Զուիցերիայէն, Արեւմտեան Հայաստանէն, Արեւելեան Հայասատանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Հոլանդայէն, Ջաւախքէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Շուէդէն, Արկենդինա, Կանադաէն, Հունաստանէն, կիպրոսէն ։

Ինչպես նաեւ հետեւեալ քաղաքներէն. Ժընեւէն, Լոս Անջելոսէն, Երեւանէն, Մոսկուայէն, Փարիզէն, Մարսէյլէն, Լիյոնէն, Ալֆորվիլէն, Գէօթէբորգէն, ․․․

Ընտրուած անդամները ծագումով Արեւմտեան Հայաստանի աւելի քան 13 շրջաններէն եւ մարզերէն են, որոնք են Կարսը, Բիթլիսը, Վանը, Տիգրանակերտը (Դիարբեքիրը), Համշէնը, Տրապիզոնը, Կարինը (Էրզրում), Իգդիրը, Մուշը, Սեբաստիան, Սասունը Կիլիկիան, Ջավախքը …

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) կազմին առաջին անգամ ընտրուած են 16 կին պատգամաւորներ, պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի աւելի քան 21% -ը:

Ազգային ժողովի պատգամաւորներու (Խորհրդարանի) ընտրություններուն ոչ մէկ խախտում յայտնաբերուած է:

ԸՅ-ին թեկնածուներուն վերաբերեալ ոչ մէկ բողոք ներկայացուած է, քուէաթերթիկի եւ ընտրութեան արդիւնքներուն մասին:

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը որոշեց.

  1. Երկրորդ գումարման Ազգային ժողովի (խորհրդարանի) ընտրութիւնը վաւերական համարել:
  2. Հաստատել ընտրութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 77 անդամներուն, երկրորդ գումարման 77 տեղերուն համար, որոնցմէ 3 տեղերը յատկացուած են յոյներուն, ինչպէս նաեւ մէկ տեղ՝ ասորի-քաղդեացիներուն, հինգ տարի ժամկէտով, 18.01.2019-էն մինչեւ 31.12.2023 թթ