ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ընտրական յանձնաժողովը ըստ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ Ընտրական օրէնսգիրքին՝ որոշում կայացուցած է որ,
- 77 թեկնածուներուն ցանկը հաստատուած է ընտրական յանձնաժողովին կողմէ,
- Այս ցանկը քուէարկութեան կը դրուի գաղտնի եւ ուղղակի՝ այդ նպատակով նախատեսուած թերթիկով եւ քանի մը լեզուներով, զոր տեղադրուած կը գտնէք մեր կայքերուն եւ հանրային ցանցերուն մէջ 2018 թ.-ի Նոյեմբեր 22-էն Նոյեմբեր 30-ը տեւող ժամանակահատուածին։
- http://www.western-armenia.eu/WAP/votes/Consultation2018.php
- Ընտրութիւններուն արդիւնքները Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն եւ քաղաքացիներուն կը ներկայացուին 2018 թ․-ի Դեկտեմբեր 8-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31-ը՝ ըստ Նախագահական հրամանագիրի:
2019 թուականի Յունուար 18-էն 20-ը Ժնեւի եւ Երեւանի մէջ զուգահեռ կայանալիք առաջին խորհրդարանական նիստի երկրորդ գումարման կազմակերպման շրջանակներէն ներս կ՛ունենանք,
Ուրբաթ 18 Յունուար 2019-ին – Նիստի արարողութեան բացումը՝ Խոհրդարանի Նախագահ Աղուան ՏՕՆԱԿԱՆԵԱՆ-ի կողմէ
Նախագահ Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ 2014-2019 թուականներու իր լիազօրութեան հաշուետւութիւնը
- Կը կատարուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (խորհրդարանի) ընտրուած 77 պատգամաւորներու հաստատումն ու անոնց երդման արարողութիւնը:
- Կը հաստատագրուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին (խորհրդարանին) պատգամաւոր ընտրուած թեկնածուներուն կարգավիճակը:
- Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) նախագահի ընտրութիւնը, եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) խորհրդարանական յանձնաժողովներէն ներս ընտրուած պատգամաւորներու կազմակերպման ու վերաբաշխման հատատագրումը (10 խորհրդարանական յանձնաժողովներ):
- Խորհրդարանական իւրաքանչիւր յանձնաժողովի նախագահի ընտրութիւնը, անոնց լիազօրութեան նպատակներուն սահմանումը, անոնց քարտուղարութեան կազմակերպումը, եւ անոնց գործելակերպի կազմակերպման ձեւաւորումը:
- Աշխատանքը կ՛աւարտուի Խաղաղութեան Խորհրդաժողովի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովով։
Շաբաթ 19 Յունուար 2019-ին՝
- Պատգամաւորները կ՛ընտրեն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին։
- Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի երդման արարողութիւնը՝ Ազգային Ժողովին (Խոհրդարանին) ընդառաջ։
- Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահը կը ներկայացնէ եւ կ՛անուանէ Վարչապետին ու կառավարութեան կազմը (8 նախարարներ)։
- Մամլոյ ասուլիս
Կիրակի 20 Յունուար 2019-ին՝
- Հանդիսութեան փակումը ։
- Հաւաքական այցելութիւն, դռնբաց հանդիպում։
