Յունուարի 18-էն 20-ը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի երկրոդ գումարման 1-ին նստաշրջանը

  • by Éditeur, January 11, 2019 in Խորհրդարան
448 դիտում

Յունուարի  18-էն 20-ը Երեւանի, Ժընեւի, Ստոկհոլմի, Բէյրութի միջեւ տեսակամուրջի կապով միառժամանակ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի երկրորդ գումարման 1-ին նստաշրջանը։ Նստաշրջանին ընթացքին նախատեսուած է նորընտիր  պատգամաւորներու լիազօրութեան յանձնումը, կատարուած աշխատանքներու ադրիւնքներուն գնահատումն ու ամփոփումը, նախագահի, վարչապետի ընտրութիւնը, կառավարութեան ձեւաւորումը եւ յանձնաժողովներու ստեղծումը։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, նշուած քաղաքներուն միջեւ միջոցառման ժամանակցոյցին եւ վայրերուն վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւնը կը հրապարակենք  յառաջիկայ օրերուն ընթացքին: