Յարգելի հայրենակիցներ
Յունուարի 18-ին Երեւանի ժամանակով 12։00 ին կը սկսին միաժամանակ Ժնեւի, Բէյրութի, Ստոկհոլմի եւ Երեւանի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի երկրորդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքները։ Արեւմտեան Հայաստանի Պետական հեռուստաընկերութիւնը Ազգային Ժողովի առաջին նստաշրջանի աշխատանքները պարբերաբար կը ներկայացնէ Ձեզի Յունուարի 18-էն 20-ը։
Հեռուստաընկերութեան եթերով կը կատարուին ուղիղ միացումներ Ազգային ժողովի նիստերէն։
Կ՛ակնկալենք արդիւնաւետ եւ բեղմնաւոր քննարկումներ ի Փառս Արեւմտեան Հայաստանի։
