Արեւմտեան Հայաստանի ֆութպոլի խումբը՝ յաղթանակներով եւ ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացմամբ․ Արմենակ Աբրահամեան

  • by Editbeglari, October 07, 2025 in Ազգային Խորհուրդ
227 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի ֆութպոլի խումբը մասնակցած է Conifa-ի խաղերուն, ուր ան փայլած է ոչ միայն մարզական արդիւնքով, այլ նաեւ իր ազգային առաքելութեամբ։ Խումբի անդամները յաջողութիւններ արձանագրած են մինչեւ «Արցախ 2019» մրցաշարը՝ հնչեցնելով իրենց ձայնը եւ յաղթանակներով ոգեւորելով արցախահայութեան համերաշխութիւնը։
«Շահումեանի մարզադաշտին մէջ խաղալը եւ մեր ժողովուրդին հետ հանդիպիլը անփոխարինելի էր․ իւրաքանչիւր պահ լի էր ոգեւորութեամբ ու հայրենասիրութեամբ»,– կը պատմէր Արմենակ Աբրահամեան։

Ֆութպոլը անոնց համար եղած է ոչ միայն խաղ մը, այլ նաեւ բնիկութեան, հայկական ինքնութեան եւ իրաւունքներու յիշեցում։ Արմենակ Աբրահամեանի համաձայն՝ անհրաժեշտ է հասկնալ, որ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքները, ինչպէս նաեւ անոր պետականութիւնը, պատմականօրէն ճանաչուած են։ 

Արմենակ Աբրահամեան ընդգծած է, որ Դեկտեմբեր 29-ին, 1917-էն սկսեալ երբ Ռուսաստանը ճանչցաւ ինքնորոշման իրաւունքը, մինչեւ Արևմտեան Հայաստանի հայերու անկախութիւնը որ ամրագրուած էր առաջին ռուսական սահմանադրութեամբ, հայկական պետութիւնը քալած է օրինական ձեւով՝ զարգանալու եւ ամրանալու ուղիով:Ան կը նշէ, որ ազգը պարտաւոր է պահպանել իր իրաւունքը, մասնակցիլ իր պատմական եւ քաղաքական գործընթացներուն՝ ինչպէս արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ միջազգային հարթակներուն վրայ, ու շարունակել պայքարը Արեւմտեան Հայաստանի պետականութեան ճանաչման համար։
Ֆութպոլային մրցումները դարձած են ոչ միայն մարզական յաջողութեան, այլեւ ազգային ինքնութեան եւ իրաւունքի վերահաստատման հարթակ՝ պահ մը, որ կը վկայէ հայութեան անխախտ ձգտումը դէպի իր պատմական հողն ու պետականութիւնը։