Այսօր տարածաշրջանին մէջ կը խօսուի շուրջ 20 միլիոն հայութեան մասին։ Այս թիւը ցոյց տայ ոչ միայն մեր պատմական տարածման չափը, այլեւ այն հզօր ներուժը, զոր հայ ժողովուրդը պահած է աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ։ Մեր գլխաւոր ուժը մեր ժողովուրդն է։ Այդ գիտակցութեամբ մենք պարտաւոր ենք շարունակել մեր աշխատանքը՝ հայութեան արմատները վերականգնելու եւ համախմբելու ուղղութեամբ։
Անկախ ցեղասպանութիւններու եւ պատմական աղէտներու ծանր հետեւանքներուն՝ հայութիւնը կանգուն մնացած է։ 1894-էն մինչեւ 1923 թուականները, եւ նոյնիսկ վերջին Արցախեան իրադարձութիւններուն հասնելով, մենք միշտ փորձութեան դիմաց գտնուած ենք։ Սակայն մեր գործը կը շարունակուի՝ ինքնութեան պահպանման եւ վերականգման ճամբով։
Այսօր շատ հայեր կը բնակին Զուիցերիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Ռուսաստան եւ այլուր՝ յաճախ առանց հայերէն խօսելու կամ հասկնալու։ Բայց լեզուի իմաստը միայն խօսքը չէ․ ան այն ներքին ուժն է եւ ինքնութեան զգացումն է, որ մեզ կը միացնէ՝ անկախ աշխարհագրական սահմաններէ։ Հայերէնը մեր ոգիի հնչիւնն է, մեր յիշողութեան շունչը։
Մեր ազգի վերականգնումը կը պահանջէ գիտակցական միացում։ Ան կուսակցական տարբերութիւններու կամ քաղաքական շահերու հարց չէ, այլ բնութեան եւ պատմութեան օրէնքներու բնական ընթացք։ Մեր միասնութիւնը պէտք է կառուցուի ազգային արժեհամակարգի վրայ՝ հասկնալով, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ ապրի, իր մէջ կը կրէ նոյն արմատը։
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ներսի բնակչութիւնը թիւով փոքր է, բայց արտաքին աշխարհին մէջ՝ մանաւանդ Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքներուն մէջ՝ հայութեան թիւը շատ աւելի մեծ է։ Վերջին ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ գենետիկ տեսանկիւնէ հայութեան կը վերագրուի քանի մը տասնեակ միլիոնի հասնող ծագում։
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր ժողովուրդը միշտ գտած է գոյատեւման ուղին՝ նոյնիսկ ամենածանր ժամանակներուն։ Կիլիկիոյ մէջ կամ այլուր, իրենց գոյութիւնը պահելու համար, որոշ հայեր նոյնիսկ ընդունեցին այլ հաւատքներ, սակայն իրենց ինքնութիւնը չկորսնցուցին։ Այսօր եւս պէտք է գիտակցինք՝ հայ մնալը ոչ միայն ժառանգութիւն է, այլեւ պատասխանատուութիւն։
Մեր առաքելութիւնը մէկ է՝ վերականգնել եւ ամրացնել հայութեան միասնական ոգին՝ խօսքի, մշակոյթի եւ յիշողութեան միջոցաւ։
