Երկուշաբթի՝ Մարտ 16-ին, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան նիստը։ Նիստին մասնակցեցան երկրի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, ազգային հերոս Վազգէն Սիսլեան եւ շարք մը քաղաքական պաշտօնեաներ։
Քննարկուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող բարդ իրավիճակը, մասնաւորապէս՝ Լիբանանի մէջ զարգացումները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն հարցին, թէ ինչպէս կարելի է աջակցիլ լիբանանահայութեան՝ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով ստեղծուած պայմաններուն մէջ։
Միաժամանակ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան ռեժիմը հարուածներ հասցուցած է Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն, կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Ըստ տուեալներուն՝ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու թիւը արդէն գերազանցած է մէկ միլիոնը։
Վազգէն Սիսլեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ նախկինին Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէր մեծաթիւ հայկական համայնք, սակայն այսօր ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքով երկիրը աստիճանաբար կը հայաթափուի։
Իրավիճակը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ մնալ լարուած եւ մտահոգիչ։
