2026 թուականի Յունուար 19-ին նշուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձը։ Տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, հասարակական գործիչներ եւ հայ հանրութեան ներկայացուցիչներ։
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, որ Յունուար 19-ը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի արեւմտահայութեան համար՝ միաժամանակ խորհրդանշելով թէ՛ անկախութեան տարեդարձը, եւ թէ՛ հայ մտաւորական, իրաւապաշտպան ու լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակի օրը։ Նախագահը նշեց, որ այս օրը կը շեշտէ հայութեան արդար պայքարը, ճշմարտութեան ձայնը եւ ազգային ինքնութեան պաշտպանութիւնը։
Արմենակ Աբրահամեան շեշտեց, որ Հրանդ Տինք դարձաւ արեւմտահայութեան ձայնը՝ իր կեանքի գնով բարձրաձայնելով ճշմարտութիւնը եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդի իրաւունքները։ Անոր խօսքը, ըստ նախագահի, կը շարունակէ ապրիլ անկախութեան գաղափարին, պատմական յիշողութեան եւ արդարութեան պահանջին մէջ։
Ելոյթներու ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Արեւմտաեան Հայաստանի հայութեան դէմ իրականացուած շարունակական քաղաքականութեան՝ ընդգծելով, որ ցեղասպանութիւնը սահմանափակուած չէ եղած միայն ֆիզիքական բնաջնջումով, այլ շարունակուած է մշակութային, հոգեբանական եւ քաղաքական մակարդակներով։ Առանձնապէս նշուեցաւ հայկական մշակութային ժառանգութեան, խաչքարերու եւ պատմական յուշարձաններու համակարգուած ոչնչացումը։
Միջոցառման մասնակիցները կարեւորեցին նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ ազգային ինքնութեան վերականգնման հարցը՝ շեշտելով, որ հայութեան ապագան պայմանաւորուած է պատմական յիշողութեան պահպանմամբ եւ պետական մտածողութեան ամրապնդմամբ։ Անկախութեան 106-րդ տարեդարձը եւս մէկ անգամ հնչեցուց Արեւմտեան Հայաստանի պետականութեան վերականգնման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղերձը։
