Անցեալ շաբաթ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը նշեց Հայոց բանակի օրը՝ անգամ մը եւս վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը ազգային պաշտպանութեան, պետականութեան ամրապնդման եւ հայրենիքի անվտանգութեան։ Այս առիթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեան՝ ներկայացնելով պետութեան դիրքորոշումն ու ազգային ուղերձը։
Հայոց բանակը, հիմնադրուած Արեւելեան Հայաստանի մէջ 1992 թուականի Յունուար 28-ին, իր գոյութեան ընթացքին բազմիցս ապացուցած է, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ սրբազան առաքելութիւն։ Ելոյթին մէջ շեշտուեցաւ, որ՝ հակառակ զոհերուն, կորուստներուն եւ դժուարութիւններուն, հայ ժողովուրդը կարողացած է պահպանել իր ազգային ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը։
Խօսնակին խօսքով՝ Հայոց բանակը պարզապէս զինուած ուժ չէ․ ան անկախութեան, անվտանգութեան եւ ազգային արժանապատուութեան կենդանի երաշխիք է՝ ձեւաւորուած հայրենասէր երիտասարդներու նուիրումով։ Բանակը անցած է ծանր փորձութիւններու միջով, սակայն միշտ կանգնած է իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ՝ պաշտպանելով ժողովուրդին խաղաղ կեանքը։
Ելոյթի աւարտին Շողեր Պիլէմճեան կոչ ուղղեց ազգային մտաւորականութեան եւ հասարակութեան բոլոր շերտերուն՝ երբեք չթուլցնել հայկական բանակի ոգին, զայն փոխանցել նոր սերունդներուն եւ շարունակաբար աջակցիլ Հայոց բանակին՝ միասին կերտելով անվտանգ, հզօր ու արժանապատիւ ապագայ։
Կեցցէ՛ հայ զինուորը, կեցցէ՛ հայկական բանակի ոգին։
