Անիի պատմական կամուրջը՝ որպէս պատմական արդարութեան խորհրդանիշ. Մասիս Ինճիճեան

  • by Editbeglari, July 02, 2026 in Լուրեր
103 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 23-րդ նիստին պատգամաւոր Մասիս Ինճիճեան հանդէս եկաւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման վերաբերեալ ծաւալուն ելոյթով՝ անդրադառնալով անոր պատմական, իրաւական եւ քաղաքական նշանակութեան։

Ան յիշեցուց, որ 2026 թուականի Մայիսին, Երեւանի մէջ գումարուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Թուրքիան ստորագրեցին Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման վերաբերեալ արձանագրութիւն մը։ Ըստ պատգամաւորին՝ թէեւ նախաձեռնութիւնը կը ներկայացուի որպէս խաղաղութեան, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան խթան, սակայն ան չի կրնար դիտուիլ պատմական արդարութեան համածիրէն դուրս։

Մասիս Ինճիճեան նշեց, որ թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն մէջ Անին կը ներկայացուի որպէս «Անատոլուի առաջին թրքա-իսլամական քաղաք», ինչ որ, իր գնահատմամբ, կ՛արտացոլէ Թուրքիոյ պետական պատմական քաղաքականութիւնը եւ կ՛անտեսէ քաղաքին հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը։

Իր ելոյթին մէջ պատգամաւորը շեշտեց, որ Անիի պատմական կամուրջը պարզապէս ճարտարապետական կառոյց մը չէ, այլ խորհրդանիշն է հայկական հայրենիքի բաժանումին, Հայերու ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ պատմական անարդարութեան։ Անոր համոզումով՝ կամուրջի վերականգնումը պէտք է իրականացուի պատմական ճշմարտութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման սկզբունքներուն հիման վրայ։

Ամփոփելով իր խօսքը՝ Մասիս Ինճիճեան ընդգծեց, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ գործընթացներուն եւ իրաւական հարթակներու վրայ պաշտպանել հայ ժողովուրդի պատմական ու մշակութային իրաւունքները։