2026 թուականի Մայիս 27-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 18-րդ նիստը, որուն առցանց ձեւաչափով մասնակցեցան 53 ընտրուած պատգամաւորներէն 17-ը։
Նիստի ընթացքին ներկայացուեցաւ Մայիս 24-ին՝ Ազգային ժողովի հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած առցանց հանդիպումի հաշուետուութիւնը։ Մասնակիցները կարեւորեցին համախմբուած գործունէութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազգային նպատակներու շարունակական առաջմղումը։
Օրակարգի առանցքային հարցերէն էր ՄԱԿ-ին եւ միջազգային կառոյցներուն ներկայացուելիք զեկոյցը՝ նուիրուած Վանայ լիճի եւ հարակից տարածքներու բնապահպանական խնդիրներուն։ Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է լիճի բնական հաւասարակշռութեան խախտումներուն, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան մարտահրաւէրներուն եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան։
Քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Վանայ լիճը ոչ միայն բացառիկ բնապահպանական արժէք է, այլեւ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր բաղադրիչ։
Նիստին ընթացքին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ կը շարունակուի նիւթերու եւ փաստերու հաւաքագրումը պատմական Անի քաղաքի վերաբերեալ։ Մօտ ապագային նախատեսուած է պատրաստել եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնել նոր զեկոյց մը, որ պիտի անդրադառնայ Անիի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն։
