Յունիս 17-ին տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 20-րդ նիստը, որ իրականացուած է առցանց ձեւաչափով։ Նիստին մասնակցած է 17 պատգամաւոր։
Քննարկուած են խորհրդարանական յանձնաժողովներու եւ կառավարութեան գործունէութեան հաշուետուութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական, օրէնսդրական եւ միջազգային համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Ընդունուած են շարք մը որոշումներ, կատարուած են նոր նշանակումներ, որոնց շարքին՝ ընտրուած է պատգամաւոր եւ նշանակուած՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահ։
Նորընտիր պատգամաւոր Կարապետ Կարապետեան իր առաջին ելոյթին ընթացքին ներկայացուցած է պատերազմի մասնակից վեթերաններու վերականգնման եւ աջակցութեան ծրագիր մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է պատգամաւորներու մօտ։ Առաջարկը պիտի դառնայ յետագայ քննարկումներու եւ մշակման առարկայ։
Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սեւրի դաշնագիրի վաւերացման խորհրդանշական օրուան նուիրուած Յունիս 24-ի ձեռնարկին։ Ընդգծուած է այդ օրուան կարեւորութիւնը՝ որպէս պատմական արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմաիրաւական իրաւունքներու պահպանման խորհրդանիշ։
Նիստի աշխատանքները ամփոփած է Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։
