
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւանեան Առաքելութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի հերթական նիստը։ Նիստի օրակարգը ներկայացուց Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը՝ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութեան։ Իր ելոյթին մէջ նախագահը շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը, յաղթահարելով պատմական ծանր փորձութիւնները, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ազգային եւ պետական իղձերուն ու պիտի չհրաժարի իր իրաւունքներէն։
Նիստի ընթացքին Նելլի Յարութիւնեանը ներկայացուց Ազգային ժողովի պատգամաւորութեան թեկնածուները։ Քուէարկութեան արդիւնքներով պատգամաւոր ընտրուեցաւ Կարօ Կարապետեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Օրակարգային հարցերու ծիրին մէջ ներկայացուեցան նաեւ Ազգային ժողովի յանձնաժողովները, որոնց շարքին էին իրաւաբանական, վեթերաններու եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու հարցերու, հիւպատոսական կապերու, կրթութեան եւ գիտութեան, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի զարգացման, ընտանիքի, կանանց, երեխաներու եւ մարմնակրթութեան, ցեղասպանութեան հատուցման, Արցախի, ինչպէս նաեւ այլ մասնագիտացուած յանձնաժողովներ։
Նիստը անցաւ գործնական մթնոլորտի մէջ՝ ընդգծելով ազգային շահերու պաշտպանութեան եւ պետական կառոյցներու զարգացման ուղղուած աշխատանքներու շարունակականութիւնը։
