«Արցախի հիմնահարցն ուրիշ լուծում չունի, բացի հզօր Արցախէն»,- երեկ Ստեփանակերտի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին դիմելով արցախցիներուն՝ ըսեր է Հայաստանի նախագահ Արմեն Սարգսեանը:
Նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սարգսեանը նշած է՝ որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք առաջին անգամ է որ Արցախ կ՛այցելէ՝ հաստատելով, որ Ստեփանակերտի մէջ ունեցած հանդիպումները շատ օգտակար եղած են, իսկ քննարկումներու առանցքը միասնականութեան գաղափարը եղած է:
Նախագահ Սարգսեանն Արցախ այցը շատ արդիւնավետ համարեր է՝ նշելով. «Կուզեմ վստահ ըլլաքք, որ թէ՛ Հայաստանի նախագահը, թէ՛ վարչապետը, թէ՛ կառավարութիւնը, բոլորս Արցախի կողքին ենք, եւ ամեն ինչ պէտք է ընենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը շարունակէ զարգանալ որպէս ազատ, ժողովրդավար, հզօր երկիր»:
