Յարգելի հայրենակից,
Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանը Պոլիսէն մինչեւ Ֆրանսա, անցնելով Յունաստանէն, 140 տարիէ աւելի է, որ կը տանի նուիրեալ գործունէութիւն ի սպաս հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան։
Իր մատուցած օգուտին հաւատացող հաստատութիւն մը ըլլալով, յաղթահարած է եւ դեռ կը շարունակէ յաղթահարել բազում դժուարութիւններ:
Անցեալ տարի, 140-ամեայ վարժարանիս հիմնադրման տարեդարձի տօնակատարութիւնը արդար հպարտութեամբ լեցուց մեր սիրտերը։ Արդար, որովհետեւ վարժարանը կուրծք տալով քաղաքական, նիւթական եւ բարոյական բազում խոչընդոտներու, կրցած էր վառ պահել իր մէջ լոյսի այս օճախը։
Այսօր, թագաժահրի յառաջացուցած նիւթական եւ ընկերային խնդիրները կը ներկայան իբրեւ նոր սպառնալիք։ Համավարակին վնասները մեր ծնողները կը դնեն կրթաթոշակները վճարելու անկարողութեան առջեւ, որուն հետեւանքով, բնականաբար, վարժարանիս խնամակալութիւնը ինքզինք կը գտնէ անելի առջեւ :
Անգամ մը եւս շեշտեմ, որ մեր ուսուցչաց կազմը, ներառեալ հայերէնի ուսուցիչները, հնարաւոր տարբեր մեթոտներով շարունակեցին իրականացնել հեռավար դասընթացքները, ինչպէս կ’ակնկալուէր անոնցմէ:
Յարգելի հայրենակից, Դպրոցասէրը այսօր անհրաժեշտօրէն պէտք ունի ձեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան։ Նեցուկ կանգնինք մեր հնամեայ բայց երիտասարդ Դպրոցասէրին։ Զօրավիգ կանգնինք մեր դպրոցին, որպէսզի ան շարունակէ հայօրէն դարբնել նոր սերունդները։
Յարգանօք՝
Հայկ Սարգիսեան
Տնօրէն

