
Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կը շարունակէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը համարել կարեւոր գործիք Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն առաջ մղելու տեսանկիւնէն:
Այս մասին Տաշքենդի մէջ ՏԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըւսած է ՌԴ փոխարտգործնախարար Անտրեյ Ռուտենկոն:
Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Մինսքի խումբի ձեւաչափը ռուսական կողմի համար կը պահպանուի արդիականութիւնը՝ Ռուտենկոն նշած է, որ այն անգործութեան մատնուած չէ:
«Շփումները կը շարունակուին, գուցէ ոչ այնքան հրապարակային, սակայն կը շարունակուին: Մինսքի խումբի համանախագահը այցելած է Պաքու եւ Երեւան, այնտեղ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է բարձր մակարդակով: Ներկայիս համանախագահներու եռեակը կը ծրագրէ հանդիպիլ Նիու Իորքի մէջ՝ Գլխաւոր ասամբլեայի շրջանակին, ընդ որուն հանդիպած է ինչպէս իրար, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտգործնախարարներու հետ»,- յայտարարած է Ռուտենկոն:
