«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի» գիտաժողովներու սրահէն ներս հանդիպում կայացեր է օտարալեզու մամուլի էջերէն կարեւոր տեղեկութիւններ հաւաքագրած եւ ժողովածուներու շարք կազմած հեղինակներուն հետ: Նիւթերը հաւաքագրուեր են 1890-1922թթ․-ներուն ընթացքին տպագրուած ամերիկեան մամուլի էջերէն: Մասնաւորապէս՝ The New York Times-էն:
Հատորները լոյս տեսեր են վերջերս՝ Մխիթարեան հրատարակչատան կողմէ եւ կը կոչուին «The Armenian Genocide ?: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times»:
Հատորները կազմեր եւ խմբագրեր են Մխիթարեան Միաբանութեան Միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանն ու աւստրալահայ Արայ Քեթիբեանը։ Հաւաքածուի հրատարակմանն աջակցեր է ՎիվաՍէլ-ՄՏՍ-ը:
Կազմողները հատորին միջոցով ժամանակագրական հերթականութեամբ հասանելի կը դարձնեն Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին փաստող ստուարածաւալ նիւթ՝ արժանահաւատ լրատւութիւն, ականատեսներու վկայութիւններ, հաղորդումներ եւայլն։
Հատորներուն նիւթը կ՛ընդգրկէ 1894-էն 1896 թթ․-ու Համիդեան կոտորածները, Ադանայի կոտորածը, Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնն ու այդ կոտորածներու անմիջական հետեւանքները։ Առաջին հատորով ներկայացուած է 1607 յօդուած, իսկ երկրորդով՝ 1059։
