Մոռցուած խեթական քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ

  • by Éditeur, May 07, 2019 in Գիտութիւն
573 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիոյ շրջանի Ալթընյայլա աւանի տարածքին  հնագիտական պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած երեք հազար հինգհարիւրամեայ խեթական Սարիսսա քաղաքը ձեռք բերուած ապացոյցներով կը լուսաբանէ պատմութիւնը, իսկ գետնի ընդերքին գտնուող իր գաղտնիքներով, տեղ կը զբաղեցնէ Արեւմտեան Հայաստանի դեռ ամբողջութեամբ չյայտնաբերուած մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ:

Պատմութեան մէջ  խեթերու եւ եգիպտացիներու միջեւ առաջին գրաւոր համաձայնագիրը գրուեր է այս հին քաղաքին մէջ, որն Արեւմտեան Հայաստանի ամենամեծ խեթական  քաղաքներէն մէկն էր:

Յայտնաբերուած սեպագիրներէն դատելով, կ’ենթադրուի, որ այս հնագոյն քաղաքի թագաւորները կրօնական տօնակատարութիւններ ըրած են։

Կ’նթադրուի նաեւ, որ տաճարը կառուցուեր է Մ.թ.ա., 1525 թուականին: