Տիբեթի ամենաբարձր հատուածներուն յայտնաբերուեր են կեանքի հետքեր

  • by Éditeur, May 06, 2019 in Գիտութիւն
547 դիտում

Կարին – Բայիշիա Կարստ քարանձաւի բարձրադիր կէտերուն յայտնաբերուեր է մարդկային ստորին ծնոտի ոսկոր, որու ուսումնասիրութեան որպէս արդիւնք հաստատուեր է նախամարդու առկայութիւնն այդ վայրին մէջ։

Կան փաստեր, որ մարդկային այդ տեսակը յայտնի է որպէս Դենիսովան։

“Բնութիւն” ամսագիրով հրապարակուած հետազօտութեան համաձայն, Դենիսովանը խորհրդաւոր մարդկային մէկ տեսակ է, որուն մինչ տարածուիլը ամբողջ աշխարհի վրայ, ապրեր է Ասիոյ բարձր շրջաններուն։

Ըստ գիտնականներու առաջ ձեռք բերած տեղեկութիւններուն՝ այդպիսի կլիմայական խիստ  պայմաններուն ապրելու ունակութիւնը միայն մարդկային տեսակներուն (Homo Sapiens) հարիր է:

«BBC Turkish» – ի փոխանցմամբ, նախամարդու Դենիսովան տեսակէն մինչ օրս փոխանցուած գենին շնորհիւ,  տասնեակ հազարաւոր տարիներ անց մարդիկ դեռ ունակ են բնակելու բարձրադիր վայրերու մէջ։

Մինչեի վերջերս Սիբէրիոյ մէջ գտնուող Դենիսովայի քարանձաւի միակ մարդկային հետքը մէկ ոսկորն ու ատամի մասնիկն էր:

Անոնց վրայ կատարուած ԴՆԹ-ի ուսումնասիրութեան որպէս արդիւնք պարզուեր է, որ այդ բեկորները կը պատկանէին այլ մարդկանց տեսակի:

Այժմ արդէն կայտնի է, որ Դենիսովան տեսակի առաջին գտածոն այլ տեղ է: Այս գտածոն, որ ստորին ծնոտի ոսկոր է, գտնուեր է 1980 թ.-ին Տիբեթի բարձրավանդակէն՝  3.280 մ բարձրութեան վրայ:

Պարզուեր է, որ ոսկորը  աիելի քան 160,000 տարուայ պատմութիւն ունի: Գիտնական Ժան Ժակ Հոբլին կ’ըսէ, որ անակնկալ մըն է գտնել ապացոյց մը, որ կը փաստէ նման բարձրութեան վրայ մարդկային տեսակի գոյութեան մասին։