ԱՄՆ-ի մէջ գործող հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ կը ներդրուին Հայերու Ցեղասպանութեան նիւթին նուիրուած նոր ուսումնական ծրագիրներ։ Այս մասին Alpha News-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է լրագրող եւ հաղորդավար Նունէ Սիմոնեան։
Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի մէջ կը գործեն շուրջ 22 հայկական դպրոցներ, որոնց մեծ մասը կը գտնուի Գալիֆորնիոյ մէջ, իսկ մնացեալները՝ Նիւ Ճըրզիի, Փենսիլվանիոյ, Միշիկընի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Սիմոնեան նշած է, որ Հայերու Ցեղասպանութեան նիւթը կարեւոր տեղ կը գրաւէ ոչ միայն դպրոցական ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, այլ նաեւ ԱՄՆ-ի շարք մը համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու աշխատանքներուն մէջ։
Անոր գնահատմամբ՝ նման նախաձեռնութիւնները համակարգային բնոյթ կը կրեն եւ ամրագրուած են կրթական քաղաքականութեան շրջանակին մէջ։
Միաժամանակ Սիմոնեան անդրադարձած է Հայաստանի որոշ համայնքներու մէջ դպրոցներու կարգաւորման գործընթացին՝ նշելով, որ ան հասարակական քննարկումներու եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ դարձած է։
Ան շեշտած է, որ սահմանամերձ եւ փոքր համայնքներու մէջ դպրոցներու գործունէութեան կազմակերպման հարցը մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ շարք մը ընկերային եւ կազմակերպչական խնդիրներու առնչութեամբ, յատկապէս աշակերտներու փոխադրութեան եւ կրթութեան մատչելիութեան տեսանկիւնէն։
