Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէրի մէջ, Ապրիլ 26-ին, հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուած էին՝ ոգեկոչելու Հայերու ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Վարդանի ասպետներ եւ դուստրեր» կազմակերպութեան կողմէ եւ կ՚անցնէր «Կրելով անցեալը, կերտելով ապագան» խորագիրով։
Օրուան ընթացքին ելոյթներն ու մշակութային յայտագիրները կը շեշտէին հայկական արմատներու կարեւորութիւնը եւ ապագայի համար պայքարի անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս քաղաքական եւ հանրային հարթակներուն վրայ։ Ձեռնարկը կը վարէին Լուսինէ Պէյլերեան, Շանթէլ Նասրի եւ Նայիրի Տիրացուեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ հոգեւորականներու օրհնութեամբ, որոնց մէջ էին արքեպիսկոպոս Անուշաւան Թանյելեան եւ այլ եկեղեցականներ։ Մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ինչպէս նաեւ յիշեցին բռնութեան եւ հալածանքներու բոլոր զոհերը։
Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Պաքուի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ պահուող գերիներու հարցին։
Երաժշտական բաժինը սկսաւ օփերային երգչուհի Կարինա Վարդանեանի կատարումով, ով ներկայացուց Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգերը՝ ՀՄԸՄ սկաուտներու ուղեկցութեամբ։
Իր խօսքին մէջ արքեպիսկոպոս Թանյելեան ընդգծեց, որ նման ոճրագործութիւններ տակաւին կը շարունակուին՝ յիշեցնելով, թէ ցեղասպանութեան հետեւանքները կը զգացուին նաեւ այսօր։
Ձեռնարկը դարձեալ համախմբեց հայ համայնքը՝ յիշելու անցեալը եւ միաւորուելու արդարութեան ու ապագայի համար։
